2014-01-12 11:25:42

''Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը հաւատքի յաջորդութիւնն է''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորելով Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւնը։


Կիրակի 12 յունուարի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, ըստ լատինաց Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սիքստինեան Մատրան մէջ նախագահած սուրբ պատարագի ընթացքին, Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին 32 մանուկներուն (18 աղջիկ եւ 14 մանչ), մատակարարեց Մկրտութեան խորհուրդը։
Սուրբ արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ Յիսուս մկրտուելու կարիքը չունէր, սակայն իր մկրտութեամբ օրհնեց բոլոր ջուրերը որպէսզի անոնք ունենային ''մկրտութիւնը'' պարգեւելու զօրութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց թէ ''Յիսուս` համբարձումէն առաջ, մեզ առաքեց մկրտելու համար աշխարհը, եւ այդ օրէն, այս ''յաջորդութիւնը'' կը շարունակուի, կը մկրտենք զաիակները ու ապա անոնց զաւակները ու ապա այլ զաւակներ... Հաւատքի յաջորդութիւնը – յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով որ '' ծնողները պարտականութիւն ունին հաւատքը փոխանցելու իրենց մանուկներուն'' ու թէ ''Հաւատքը` ամենագեղեցիկ ժառանգութիւնն է որ կրնան թողուլ իրենց զաւակներուն''։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց մանուկներուն ''աղմկարարութեան'' զայն որակելով ամենագեղեցիկ երգչախումբը, որովհետեւ –ըսաւ Ան – ''այսօ՛ր իրենք են դերակատարները''։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ հակիրճ քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները շարունակելու արարողութիւնը ''Հաւատքը փոխանցելու գիտակցութեամբ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.